2015-06-24 10:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը. Ընտանիքը` Վէրքերը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր վերջին խորհրդածութիւններու ընթացքին խօսեցանք մարդկային դիւրաբեկութեան մէջ ապրող Ընտանիքի մասին` աղքատութիւն, հիւանդութիւն ու մահ։ Այսօր կը խորհրդածենք ընտանեկան կեանքէն ներս յառաջացած վէրքերու մասին'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տալով, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  կատարած, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Քաջատեղեակ ենք – ըսաւ ապա Քահանայապետը – թէ ոչ մէկ ընտանեկան յարկէն տակ, կը պակսին հարցերը եւ յաճախ խօսքեր եւ գործեր` փոխանակ ամուսնական սէրը ամրապնդելու, զայն կը վիրաւորեն։ Երբ այս վէրքերը, կ՛անտեսուին, կը վատանան ու կը վերածուին արհամարհանքի, ամբարտաւանութեան ու թշնամանքի, որոնք ամուսինն ու տիկինը կը մղեն այլուր փնտռելու հասկացողութիւն, նեցուկ եւ մխիթարանք։

''Յաճախ այդ ''նեցուկները'' ընտանիքի բարիքը չեն փնտռեր''­, նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ այդ ''քայքայումի'' պատճառաւ զաւակները մեծապէս կը տառապին։

''Գիտակի՞ց ենք որքանով մանուկի մը հոգին կը  վիրաւորուի երբ ընտանեկան յարկէն ներս  բախումներ կան եւ կամ երբ ամուսնական կապը կը խզուի'', հարց տուաւ Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով զաւակներու զգայնութեան ու անոնց տառապանքին եւ դիւրաբեկութեան,  ''երբ – ըսաւ Ան – չափահասները իրենց խելքը կը կորսնցնեն եւ ամէն մէկը իր շահերը կը փնտռէ''։

Երբ մայրն ու հայրը իրարու չարիք կը հասցնեն, մանուկներու հոգին կը տառապի ու այդ տառապանքը վէրքեր կը յառաջացնէ որոնց հետքերը կը մնան երախաներու հոգւոյն մէջ։

Ընտանիքի մէջ ամէն բան զօդուած է մէկը միւսին եւ երբ անոր հոգին վիրաւորուած է, այդ վէրքերու նեխումը կը վարակէ ամէնքը։

Ամուսնութեամբ այրն ու կինը կը դառնան մէկ մարմին ու կ՛ընտրեն կազմել ընտանիք մը, սակայն երբ անոնք կը փնտռեն իրենց սեփական ազատութիւնն ու հաճոյքը, այս մէկը խորապէս կ՛ազդէ երախաներուն սրտին ու կեանքին վրայ։ Եթէ մտաբերենք խստութիւնը որով  Յիսուս կը յանդիմանէ չափահասները`  մանուկներուն գայթակղութեան պատճառ չդառնալու համար (Մատթ 18,6)­, կրնանք աւելիով ըմբռնել անոր խօսքը հայող ընտանեկան կապին պահպանումի ծանր պատասխանատուութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով այն պարագաներուն ուր ''բաժանումի'' դիմելը  անխուսափելի կը թուի ու խօսքը աւարտեց մատնանշելով այն անձերուն որոնք հաւատքի եւ իրենց զաւակներուն սիրոյ վրայ հիմնուած կը շարունակեն վկայել ''հաւատարմութիւնը'', թէեւ -ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը - շատ մը ''բաժնուած'' զոյգեր չեն զգար այս կոչումը,  հարկ է հարց տալ թէ ի՞նչպէս կարելի է անոնց օգնել ու անոնց ուղեկցիլ։

''Տիրոջմէ հայցենք ամուր հաւատք որպէսզի Աստուծոյ աչքով նայինք իրականութեան ու հայցենք վեհանձն սէր` որպէսզի մարդոց մօտենանք անոր ողորմած սրտով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառը եզրափակելով, ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ընդգծելով  թէ այսօր կը տօնախմբուի Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան տօնը։ Սիրելի երիտասարդներ, անոր աւետարանական արմատականութիւնը, ձեզ մղէ  յանդուգն որոշումներ առնելու ի սպաս բարիին. սիրելի հիւանդներ` անոր ուժը ձեզի թիկունք կանգնի ձեր խաչը կրելու` Յիսուսի սրտին հետ հոգեւոր միութեամբ եւ ձեզի սիրելի նորապսակեալներ անոր ''Գառն Աստուծոյն'' հետ ունեցած կապը` օգնէ ձեզ, որպէսզի ձեր ընտանիքը միացնէք սիրոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.